ՀՀ զինուած ուժերը կրակ չեն բացած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ․ ՊՆ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ իբր 6 սեպտեմբերի երեկոյեան ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ` չի համապատասխաներ իրականութեան:
Իրադրութիւնը սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: