ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ Ստեփան Գալստեանը ձերբակալուած է

2021-10-02
Image

Ձերբակալուած է ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ Ստեփան Գալստեանը: Ան ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ՝ ՀՀ զինուած ուժերուն զէնքի մատակարարման գործընթացքին մէջ չարաշահումներու ու իւրացման գործով:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԱԾ-էն՝ նշելով, որ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան՝ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար: