ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանն այցելած է Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ

3 Օգոստոսին ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան (ԻԻՀ) արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին եւ ՀՀ-ի մէջ ԻԻՀ դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Պահման Սատեղինը ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ այցելած են Գեղարքունիքի մարզ։ Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տարածած հաղորդագրութենէն:
Զօրամիաւորման հրամանատար, զօրավար-մայոր Արայիկ Յարութիւնեանը դեսպանին ներկայացուցած է հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, որմէ ետք կազմակերպուած է այց Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԻԻՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, մտահոգութիւն յայտնելով երկու երկիրներու սահմանային վէճերու շարունակութեան կապակցութեամբ ընդգծած է երկու կողմերու զսպուածութեան եւ երկու երկիրներու միջեւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Ան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է վերջին ընդհարումներու ընթացքին զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն։
Պարզաբանելով բոլոր կողմերու` միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները յարգելու անհրաժեշտութիւնը, դեսպան Զոհուրին նշած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան ապահովումը կը բխի տարածաշրջանի ժողովուրդներու շահերէն եւ յայտնած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման հարցով: