ՀՀ հարաւային սահմանի ուղղութեամբ հակառակորդի ոտնձգութեան հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան

ՀՀ հարաւային սահմանի ուղղութեամբ հակառակորդի ձեռնարկած ոտնձգութեան հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան: Հայկական կողմը արդէն իսկ դիմած է պատասխան գործողութիւններու: Այս մասին իր դիմատետրի էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։
Աւելի վաղ ՊՆ-էն տեղեկացուցած էին, որ այսօր առաւօտեան` ժամը 10:00-10:15 սահմաններուն, հերթական անգամ խախտելով հրադադարի ռեժիմը, ատրպէյճանական կողմը անօդաչուներով (որոնցմէ մէկը ինկած է ՀՀ տարածքին մէջ) եւ հրթիռահրետանային միջոցներով հրետակոծած է ՀՀ հարաւային սահմանի Իրանի հետ հատման կէտի հայկական սահմանապահ ուղեկալի դիրքերը: