ՀՀ մուտք գործելու ընթացակարգի մէջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ․ ՀՀ ԱԳՆ

2021-05-19
Image

ՀՀ կառավարութեան 11 սեպտեմբեր 2020-ի № 1514-Ն որոշման մէջ կատարուած եւ 17 մայիս 2021-էն ուժի մէջ մտած փոփոխութիւններու համաձայն.

 

  • Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք մուտք գործելու ժամանակ պէտք է ներկայացուի.
  1. «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) ախտորոշման ՊՇՌ հետազօտութեան բացասական արդիւնքը հաւաստող առաւելագոյնը 72 ժամ վաղեմութեան վկայագիր*, կամ
  2. «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) դէմ ամբողջական պատուաստուած՝ երկու դեղաչափ, երկրորդ դեղաչափը երկիր մուտք գործելու օրէն նուազագոյնը 14 օր առաջ ներարկուած ըլլալը հաւաստող վկայագիր*
  • Բացասական քննութեան կամ պատուաստման վկայագիր չի պահանջուիր մինչև 1 տարեկան երեխաներու համար։
  • Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքէն Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած անձանց կողմէ վկայագիրը (տեղեկանքը) կը ներկայացուի «Путешествую без COVID-19» բջիջային յաւելուածի միջոցով:
  • Օտարերկրացիներու համար ՀՀ մուտքը կը շարունակէ բաց մնալ ինչպէս օդային, այնպէս ալ ցամաքային ճանապարհով։
  • «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ (COVID-19) պայմանաւորուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին քարանթինը սահմանուած է մինչեւ 11 յուլիս 2021-ը։

ԱՐՄԵԴ համակարգի մէջ գրանցուած անձանց պարագային պատուաստման վկայագիրը կրնայ ներկայացուիլ ArmedeHealth բջիջային յաւելուածով։ Անձը կրնայ բջիջային յաւելուածով կամ բջիջային յաւելուածէն արտահանուած թղթային տարբերակով ներկայացնել պատուաստման վերաբերեալ տեղեկանք՝ պաշտպանուած QR քոտով:

Վկայագիր չունեցող անձինք ենթակայ են նմուշառման օդակայանին կամ ցամաքային սահմանի անցման կէտերուն մէջ եւ պարտադիր ինքնամեկուսացման՝ մինչեւ ՊՇՌ հետազօտութեան բացասական արդիւնքի ստացումը:

Զննութեան արդիւնքի համաձայն՝ անձը կը տեղափոխուի հիւանդանոց, եթէ առկայ են համապատասխան ախտանշաններ:

ՊՇՌ հետազօտութեան ծախսերը կը հոգայ քաղաքացին։