ՀՀ նախագահը դիմած է Սահմանադրական դատարան. նախագահի աշխատակազմի յայտարարութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածի 1-ին մասի 4-րդ կէտով, դիմում ներկայացուցած է Սահմանադրական դատարան «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 2017թ. նոյեմբեր 15-ի օրէնքի՝ Սահմանադրութեան համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, դիմումի ներկայացումը պայմանաւորուած է նաեւ նշուած օրէնքի իրաւակիրառ գործադրման մէջ առկայ խնդիրներով, որոնք առաւել ակնյայտ դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու վարչապետի նախաձեռնութեան եւ անոր յաջորդած սահմանադրական իրաւական գործընթացներու հետեւանքով:
Սահմանադրական դատարանը օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու շրջածիրէն ներս հնարաւորութիւն ունի՝ համակողմանիօրէն եւ համակարգային առումով փոխկապակցուած քննութիւն իրականացնել եւ որոշում կայացնել:
Ներկայացուած դիմումով Սահմանադրական դատարանի որոշումները եւ ձեռնարկուող հնարաւոր միջոցները կրնան լրջագոյն ազդեցութիւն ունենալ մինչեւ այժմ ընդունուած որոշումներու, ստեղծուած իրավիճակին առնչուող ներկայիս եւ հետագայ գործընթացներու վրայ՝ վերը նշուած օրէնքի մեկնաբանման եւ կիրառման առումով:
Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ հնարաւորինս արագ համապատասխան որոշման կայացումը իրաւական որոշակիութիւն կը բերէ եւ կը նպաստէ ներկայիս ճգնաժամի հանգուցալուծման: