ՀՀ նախագահը չէ ստորագրած Դատական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու օրէնքը եւ դիմած է ՍԴ

2021-04-12
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը որոշած է դիմել Սահմանադրական դատարան՝ Դատական օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի եւ յարակից օրէնքներու՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցը որոշելու խնդրանքով: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

««Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքում լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքը (այսուհետ՝ Օրէնք) եւ յարակից օրէնքները Ազգային ժողովի կողմից Հանրապետութեան նախագահի ստորագրմանն են ներկայացուել 2021թ. մարտի 22-ին:

Հանրապետութեան նախագահը Օրէնքը քննարկել է արդարադատութեան նախարարի, Ազգային ժողովի պետական-իրաւական յանձնաժողովի նախագահի հետ եւ ստացել նրանց պարզաբանումները: Օրէնքը քննարկուել է նաեւ ԲԴԽ նախագահի, իրաւաբան գիտնականների, փորձագէտների եւ փաստաբանների, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչների հետ, լսուել են նրանց նկատառումներն ու մտահոգութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահը մեծապէս կարեւորում է դատաիրաւական ոլորտում բարեփոխումները եւ գտնում է, որ դրանք պէտք է կատարուեն համակարգային ձեւով՝ յստակ ռազմավարութեան հիման վրայ՝ ընդհանուր տեսլականի շրջանակում: Այդ տեսլականը եւ ռազմավարութիւնը պէտք է հիմնուած լինեն գործնականում առկայ եւ իսկապէս արդիական խնդիրների, փորձագիտական ուսումնասիրութիւնների եւ միջազգային փորձի լուրջ վերլուծութեան վրայ, առաջարկեն համակարգային եւ տրամաբանօրէն փոխկապակցուած լուծումներ՝ ուղղուած դատական համակարգի դերի եւ գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացմանը, արդար դատաքննութեան իրաւունքի արդիւնաւէտ իրացմանը, ինչպէս նաեւ դատաւորների անկախութեան ու անձեռնմխելիութեան երաշխիքների ամրապնդմանը:

Օրէնքով առաջարկուող կարգաւորումներն իրավիճակային են եւ առերեւոյթ խնդրայարոյց իրաւական որոշակիութեան, համաչափութեան, իշխանութիւնների տարանջատման, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութեան անկախութեան սահմանադրական սկզբունքներին եւ պահանջներին համապատասխանելու տեսանկիւնից:

Ելնելով վերոյիշեալից եւ ամփոփելով փորձագիտական եզրակացութիւնները՝ կարելի է եզրայանգել, որ Օրէնքը առերեւոյթ հակասում է Սահմանադրութեանը, ուստի Հանրապետութեան նախագահը որոշել է դիմել Սահմանադրական դատարան «Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքում լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքի եւ յարակից օրէնքների՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցը որոշելու խնդրանքով:

19 Մարտին ՀՀ Ազգային ժողովը ամբողջութեամբ ընդունած էր «Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը: Օրէնքի համաձայն՝ Հայաստանի մէջ դատաւորին կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու համար ԲԴԽ-ին դիմելու իրաւունք կ'ունենան նաեւ ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձինք՝ իրենց մասնակցութեամբ գործերով, եթէ առերեւոյթ առկայ է էական կարգապահական խախտման որոշակի հիմք: Այս պարագային քաղաքացիի կամ իրաւաբանական անձի դիմումն ինքնին առիթ պիտի ըլլայ՝ հարցը ԲԴԽ-ի կողմէ քննելու համար:

Կը նախատեսուի ԲԴԽ-ին օժտել դատարաններու բնականոն գործունէութիւն ապահովելու լիազօրութիւն` նախատեսելով, որ վերջինիս իրականացման ուղղութեամբ ԲԴԽ-ն իրաւունք ունենայ ընդունելու իրաւական աքթեր: