ՀՀ նախագահի աշխատակազմը քաղաքական ուժերու հետ հանդիպման ձեւաչափի մասին պիտի յայտնէ աւելի ուշ

Հաշուի առնելով, որ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը 13 Մարտին Հանրապետութեան նախագահի նստավայրէն ներս հանդիպման վերաբերեալ այս պահու դրութեամբ, պատասխան չէ ստացած բոլոր հրաւիրեալներէն, հանդիպման ձեւաչափի մասին կը յայտարարուի աւելի ուշ:
Այս մասին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան 10 Մարտին տարածած յայտարարութեամբ երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակի քննարկման եւ ճգնաժամը յաղթահարելուն ուղղուած փոխընդունելի լուծումներ գտնելու նպատակով ՀՀ վարչապետին, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարներուն եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման ղեկավարներուն 13 Մարտին, ժամը 12:00-ին հրաւիրած է հանդիպման նախագահական նստավայր:
ՀՀ Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը պատրաստակամ է մասնակցելու նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնած հանդիպման՝ երկրի ներքաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ քննարկման եւ լուծումներ գտնելու համար: ՀՀ Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը արձագանգած է նախագահի հրաւէրին: Խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան նշած է, որ ընդունած են հրաւէրը ու պատրաստ են մասնակցիլ ցանկացած քննարկման, ուր հնարաւոր է վերականգնել քաղաքացիական համերաշխութիւնն ու ուղիներ գտնել երկիրը խոր ճգնաժամէն հանելու համար: «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի հանդիպման հրաւէրի վերաբերեալ որոշում դեռ չէ կայացուցած: «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» անդամ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնած էր, որ հանդիպման հրաւէրի մասին քննարկում դեռ չեն ունեցած, կը քննարկեն եւ անկէ յետոյ, եթէ հարկ համարեն, հանդէս կու գան յայտարարութեամբ: