ՀՀ պաշտպանութեան նախարարն ու ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրադրութիւնը

2021-05-25
Image

24 Մայիսին կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեանի հեռախօսազրոյցը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ։

Ինչպէս կը հաղորդեն ՀՀ ՊՆ-էն, Վաղարշակ Յարութիւնեանը ներկայացուցած է ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրադրութիւնը եւ վերջին օրերու զարգացումները։

ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը անգամ մը եւս շեշտած է, որ բացարձակ անթոյլատրելի են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու հանդէպ ոտնձգութիւնները եւ նշած, որ խնդրի հանգուցալուծման ուղղութեամբ կը կարեւորէ նաեւ ՀԱՊԿ աշխոյժ դերակատարութիւնը։

Սթանիսլաւ Զասը հաւաստիացուցած է, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ ուշադիր կը հետեւին ստեղծուած իրադրութեան շուրջ զարգացումներուն եւ որ կառոյցը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլեր՝ խնդիրը խաղաղ հանգուցալուծելու համար։