ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի խօսքով՝ նոր ռազմական մագլցումի վտանգ միշտ ալ կայ

2022-12-02
Image

Այսօր՝ 1 դեկտեմբերին, ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստէն յետոյ լրագրողները Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին հարցեր ուղղեցին սահմանային իրավիճակի մասին։

Սակայն Պաշտպանութեան նախարարը հարցերուն պատասխանելու փոխարէն, լրագրողներէն ճանապարհ խնդրեց անցնելու համար, ընդգծելով, որ չ'ուզեր զանոնք շրջանցել, միաժամանակ նշեց, որ Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ամէն օր սահմանային իրավիճակի վերաբերեալ հաղորդագրութիւն կը տարածէ։

Հարցին, թէ պատերազմի վտանգ կա՞յ, Սուրէն Պապիկեանը պատասխանեց. «Ժողովուրդ, պատերազմի վտանգ միշտ էլ կայ»։

Ինչ կը վերաբերի Հնդկաստանէն զէնք գնելուն, Սուրէն Պապիկեանն ըսաւ, որ գաղտնի տեղեկտուութեան մասին պիտի չխօսի։