ՀՀ Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին` Արցախին աջակցելու համար

2023-02-20
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի շրջածիրէն ներս հանդիպում ունեցած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Սփոլիարիչի հետ:

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութենէն։

Վարչապետն ընդգծած է ՀՀ կառավարութեան եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջեւ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործող միջազգային միակ կազմակերպութիւնն է, որ յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով էապէս կը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ մարդասիրական ճգնաժամի հետեւանքով առաջացող տարբեր խնդիրներու մեղմմանն ու լուծման` ցուցաբերելով մարդասիրական աջակցութիւն: Վարչապետի խօսքով` Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ունի կարեւորագոյն դեր ու նշանակութիւն:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահը նշած է, որ պիտի շարունակեն իրենց մանթատին համաձայն նպաստել ԼՂ բնակչութեան մարդասիրական խնդիրներու լուծման: Տիկին Սփոլիարիչը նշած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան փաստը:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին` մինչ օրս Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու եւ անոնց ընտանիքներու միջեւ կապ ապահովելու համար: