ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Գիւմրի է

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Գիւմրի է: Ան խորհրդակցութիւն կ'ունեանայ Շիրակի մարզպետարանին մէջ:
Ինչպէս Գիւմրիէն կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, դեռ պաշտօնապէս չճշդուած տեղեկութիւններ կան, որ այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած է հանդիպում Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու հարազատներու հետ: Հանդիպումը փակ պիտի ըլլայ:
Հայ գերիներուն հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ աշխատանքները կ'ընթանան ամենօրեայ ռեժիմով. Ատրպէյճանն առայսօր վերադարձուցած է գերութեան մէջ գտնուող 69 անձ: