ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն

2022-09-05
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 7 սեպտեմբերին Վլատիվոսթոկի մէջ պիտի մասնակցի «Բազմաբեւեռ աշխարհի ճանապարհին» թեմայով Արեւելեան տնտեսական 7-րդ համաժողովի լիագումար նստաշրջանին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ այլ պետութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ: Այս մասին նշուած է Քրեմլինի պաշտօնական կայքին մէջ։

«Ռուսասիոյ նախագահի հետ միասին նստաշրջանին պիտի մասնակցին Միանմայի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար, Պետական վարչական խորհուրդի նախագահ, ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետ Մին Աուն Հլայնը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Վովայի Փաշինեանը, Մոնղոլիայի վարչապետ Լուվսաննամսրայն Օյուուն-Էրտենէն եւ Ժողովրդական ներկայացուցիչներու համաչինական ժողովի մշտական կոմիտէի նախագահ Լի Չժանշուն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նախատեսուած են Վլատիմիր Փութինի երկկողմ հանդիպումները արտասահմանեան առաջնորդներու հետ:

Միտքեր պիտի փոխանակուին երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական հարցերու շուրջ։

Նստաշրջանին պիտի մասնակցին նաեւ Միանմայի, Մոնկոլիայի, Չինաստանի ղեկավարները, իսկ Հնդկաստանի եւ Մալեզիայի ղեկավարները տեսակապով պիտի դիմեն համաժողովի մասնակիցներուն։