ՀՀ քաղաքացիները որքանո՞վ թոյլ կու տան ցաւոտ լուծումներու երթալ. Փաշինեանը` խաղաղութեան մասին

2023-04-18
Image

Խաղաղութեան հասնիլ` կը նշանակէ կարգաւորուած յարաբերութիւններ ունենալ 4 հարեւաններու հետ։ Ազգային Ժողովէն ներս, ներկայացնելով կառավարութեան ծրագրի 2022-ի կատարողականը, յայտարարած է վարչապետ Նիկել Փաշինեանը` խօսելով խաղաղութեան օրակարգի մասին։

Անոր խօսքով` քանի որ Վրաստանի ու Իրանի հետ յարաբերութիւններու ոչ թէ կարգաւորման, այլ խորացման խնդիր ունինք, ուրեմն` խաղաղութիւն կը նշանակէ կարգաւորուած յարաբերութիւններ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։

«Իսկ որքանո՞վ է դա իրատեսական, որքանո՞վ Ադրբեջանի գործողութիւնները կը լինեն խաղաղութեանը միտուած։ Եւ եթէ քաղաքական-դիւանագիտական մակարդակում կոմպրոմիսներ (փոխզիջումներ) ձեռք բերուեն, որքանո՞վ դրանք ընդունելի կը լինեն ՀՀ քաղաքացիների համար եւ քաղաքացիները որքանո՞վ թոյլ կը տան այդ կոմպրոմիսների` երբեմն ցաւոտ լուծումների գործնական իրագործումը։ Սա մեր պատասխանատւութիւնն է: Մենք պէտք է մեր մտքերի եւ գործողութիւնների ընթացքը հասկանալի դարձնենք ՀՀ քաղաքացիներին, իսկ երբ հասկանան, նրանք դա կ'ընդունեն»,–ըսած է Փաշինեան։

Անոր խօսքով` խաղաղութիւնը հնարաւոր է, եթէ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ յստակ ճանչնան ՀՀ 29 800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը (Հայկական ԽՍՀ) եւ յայտարարենք, որ մենք որեւէ այլ երկրէ տարածքային պահանջ չունինք։ Հակառակ պարագային, առնուազն մեր պետութեան գոյութիւն չունենալը պիտի դառնայ ուրիշներու օրակարգի խնդիր: Այս իրավիճակին մէջ մեզի ոչ ոք կ'օգնէ։

Փաշինեան աւելցուցած է, որ 2022-ին հիփոթեքով եկամտահարկի ծրագրով 29 000-է աւել մարդ բնակարան ձեռք բերած է։ Անոր խօսքով` սա կը նշանակէ, որ մարդիկ հաւատացած են խաղաղութեան օրակարգին։