Հոլանտայի խորհրդարանը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ 5 բանաձեւ հրապարակեց

17 նոյեմբեր 2020-ին Հոլանտայի խորհրդարանը ընդունած է 5 բանաձեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմ սանձազերծելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։
Բանաձեւերուն մէջ խորհրդարանը կը դիմէ կառավարութեան՝ նպաստել, որպէսզի եւրոմիութեան եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի դիտորդները ներգրաւուին Արցախի մէջ:
Երկու բանաձեւ կ'առաջարկէ կիրառել պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի նախագահի եւ անոր ընտանիքի անդամներու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատերազմական ոճրագործութեան պատասխանատուներու նկատմամբ։ Մէկ այլ բանաձեւ կը վերաբերի եւրոպական մակարդակով դադարեցնելու զէնքի մատակարարումը Թուրքիոյ։