Հրդեհ հայ-ատրպէյճանական սահմանի չէզոք գօտիին վրայ

2021-06-28
Image

28 Յունիսին, ժամը 17։55-ին Տաւուշի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Ազատամուտ գիւղին մէջ կ'այրի խոտածածկոյթը:

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան վարչութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու հաւաքական կեդրոնի Տաւուշի եւ Նոյեմբերեանի յատուկ կառոյցներու պահպանութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներու հրշէջ-փրկարարական խումբերէն մէկական մարտական հաշուարկ։

ԱԻՆ տեղեկատուութեամբ, պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի չէզոք գօտիին վրայ եւ Սեւքար գիւղի արօտավայրերուն մէջ: