Ձնաբուքի պայմաններուն մէջ կորսուած զինծառայողներէն մէկուն կեանքը կարելի չէ եղած փրկել, միւսը ծանր վիճակի մէջ է. ՊՆ

21 մարտին, խիստ ձնաբուքի պայմաններուն մէջ, ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի մարտական յենակէտէն միւս յենակէտ անցնելու ընթացքին կորսուած էր կապը պայմանագրային զինծառայողներ Կ. Շահնազարեանի եւ Ա.Յովհաննիսեանի հետ։
ՀՀ ՊՆ-էն յայտնած են, որ նոյն օրը մեկնարկած էին լայնածաւալ որոնողափրկարարական աշխատանքներ, որոնց կը խանգարէր չդադրող բուքը։ 22 Մարտին, օրուայ երկրորդ կէսին, յաջողուած է տեղորոշել զինծառայողներու գտնուելու վայրը։ Ձեռնարկուած են անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները՝ զինծառայողները տարհանելու ուղղութեամբ։
Եղանակային ծայրայեղ բարդ պայմաններուն մէջ տարհանման աշխատանքներն իրականացնելէ ետք Կ. Շահնազարեանը տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց։ Անոր վիճակը կը գնահատուի ծանր։ Ցաւօք, Ա. Յովհաննիսեանի կեանքը կարելի չէ եղած փրկել:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Ռազմական ոստիկանութեան մօտ կը նախապատրաստուին նիւթեր՝ դէպքի հանգամանքները պարզելու համար։