Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարը պատմած է Հատրութի շջանին մէջ իրավիճակի մասին

2020-12-14
Image

Ղարաբաղի Հատրութի շրջանի երկու գիւղերուն մէջ, ուր 11 դեկտեմբերին խախտուած էր հրադադարը, իրադրութիւնը կարգաւորուած է, յայտարարած է ղարաղաբեան հակամարտութեան գօտիին վրայ ռուս խաղաղպահ կազմի հրամանատար զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստի-ն:

«11 Դեկտեմբերին Հատրութի շրջանի Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր բնակավայրերու մատոյցներուն տեղի ունեցած է հրադադարի ռեժիմի խախտում, որ կասեցուած է ռուս խաղաղախահներու գործողութիւններու շնորհիւ: Ներկայիս իրավիճակը շրջանին մէջ կարգաւորուած է: Ռուս խաղաղապահները կ'իրականացնեն իրավիճակի մշտական հսկողութիւն եւ կը պահպանեն փոխգործակցութիւնը հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերու հետ»,-կը հաղորդէ Մուրատովը: