Ճալալ Յարութիւնեանի ստացած վիրաւորումը ծանր չէ, կեանքին վտանգ չի սպառնար

Ատրպէյճանական մամուլը արդէն երկրորդ անգամ Ճալալ Յարութիւնեանի մասին կեղծ տեղեկատւութիւն կը տարածէ, որ իբրեւ ան զոհուած է։ Այս մասին կը յայտնէ ԱՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը: Ան նշած է, որ Յարութիւնեանի կեանքին վտանգ չի սպառնար, եւ մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ անոր ստացած վիրաւորումը բարեբախտաբար ծանր չէ, ու շատ շուտով ան կը վերադառնայ բանակի շարքեր։
Այդ ծանր պարտականութիւններու կատարումը նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը վստահած է զօրավար Միքայէլ Արզումանեանին։ «Ստեղծուած պատերազմական ծանր իրավիճակին մէջ, իսկապէս, շատ են ընելիքները»,-գրած է Վահրամ Պօղոսեանը դիմատետրի իր էջին: