Ճակատային գիծի հիմնական ուղղութիւններով մարտերը շարունակուած են. յամառ մարտեր ընթացած են Շուշի-Քարին տակ հատուածին մէջ

2020-11-07
Image

Նոյեմբեր 6-ին եւ լոյս 7-ի գիշերը ճակատային գիծի բոլոր հիմնական ուղղութիւններով մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: Առաւել յամառ ու ուժգին մարտեր ընթացած են Շուշի-Քարին տակ հատուածին մէջ:

Բանակային ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կասեցուցած են թշնամական ուժերու յարձակման բազմակի փորձերը՝ ոչնչացնելով մեծ քանակութեամբ մարդկային ուժ: Նշուած ժամանակահատուածին առանձնահատուկ արդիւնաւէտութեամբ աչքի ինկած են յատկապէս ՊԲ հրետանային ստորաբաժանումները: Մարտավարական իրադրութիւնը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով մնացած է անփոփոխ: Անփոփոխ մնացած է նաեւ մարտական գործողութիւններուն զուգահեռ հանրապետության խաղաղ բնակավայրերը հրթիռահրետանային կրակով թիրախաւորելու՝ թշնամական ուժերու մարտավարութիւնը: Հարաւ-արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններով իւրային ուժերու կողմէ խոցուած է նաեւ թշնամական ուժերու անձնակազմ տեղափոխող 2 միաւոր զրահամեքենայ եւ 4 ԱԹՍ:

Թշնամական ուժերու կողմէ յարձակման փորձերը հիմնական ուղղութիւններով կը շարունակուին: ՊԲ ստորաբաժանումները անհրաժեշտ միջոցառումներ կ'իրականացնեն զանոնք կասեցնելու, հակառակորդի խմբաւորումներու յայտնաբերման եւ կրակային խոցման ուղղութեամբ: