Ճօ Պայտըն կը պատրաստուի ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը

2021-04-22
Image

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն կը պատրաստուի ապրիլ 24-ին պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին տեղեկատուութեամբ ողողուած է ինչպէս ամերիկեան, այնպէս ալ միջազգային մամուլը:

Պայտընի վարչակազմին մօտ կանգնած աղբիւրը The New York Times-ին յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին Պայտընը պիտի խօսի ոճրագործութեան 106-րդ տարելիցին իր ուղերձին մէջ: «Ներքին քննարկումներուն լաւատեղեակ պաշտօնեաները յայտնած են, որ նախագահ Պայտընը կը պատրաստուի յայտարարել՝ կոտորածները ցեղասպանական գործողութիւն եղած են: Այս քայլը կ'ազդարարէ, որ ԱՄՆ հաւատարմութիւնը մարդու իրաւունքներուն գերակայ է Թուրքիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները վտանգի ենթարկելու հեռանկարին»,- գրած է պարբերականը:

Ամերիկեան CNN-ի անանուն երկու աղբիւրներ եւս տեղեկացուցած են, որ Պայտընը պաշտօնական յայտարարութեան մէջ պիտի ճանչնայ ցեղասպանութիւնը: «Խնդրին քաջատեղեակ երրորդ աղբիւրը յայտնած է, որ ԱՄՆ պաշտօնեաները նաեւ ազդանշաններ ուղարկած են վարչակազմէն դուրս գտնուող դաշնակիցներուն, որոնք կը պահանջէին նախագահէն պաշտօնական յայտարարութիւն՝ յայտնելով, որ նախագահը պիտի ճանչնայ ցեղասպանութիւնը»,- գրած է CNN-ը:

Լրատուամիջոցը յայտնած է, որ Սպիտակ տունը հրաժարած է մեկնաբանութիւն տալ այս առթիւ: Սպիտակ տան խօսնակ Ճեն Փսաքին յայտնած է, որ վարչակազմը այս մասին ըսելիք կ'ունենայ յիշատակի օրը՝ ապրիլ 24-ին: CNN-ը յիշեցուցած է, որ նախագահի թեկնածու Պայտընը խոստացած էր հաւատարիմ մնալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յանձնառութեան:

«Ապրիլ 24-ին, երբ ողջ աշխարհի մէջ տեղի կ'ունենան ոգեկոչման արարողութիւններ, իր յայտարարութեան մէջ Պայտընն ամենայն հաւանականութեամբ օգտագործած է «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը»,- Reuters-ին ըսած է լաւատեղեակ աղբիւրը:

Ցեղասպանութեան ճանաչման, ի թիւս այլ լրատուամիջոցներու, անդրադարձած է Al-Jazeera-ն՝ ընդգծելով, որ Պայտընի կողմէ գլխաւորապէս խորհրդանշական բնոյթ ունեցող ճանաչման որոշումը կրնայ աւելի լարել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: