Մակունց քոնկրէսական Ճուտի Չուի հետ քննարկած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը

2023-02-06
Image

Փետրուար 3-ին դեսպան Մակունց առցանց հանդիպում ունեցած է քոնկրէսական Ճուտի Չուի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգը, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը, Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Արցախի հայ բնակչութեան համար ստեղծուած մարտահրաւէրները։

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն, դեսպանը բարձր գնահատած է քոնկրէսականի աջակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համար կարեւոր հարցերուն։