ՄԱԿ-ը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կողքին. վարչապետը հրաժեշտի հանդիպում է ունեցած է Շոմպի Շարփի հետ

2021-11-11
Image

ՄԱԿ-ի մարդասիրական աջակցութիւնը մինչ օրս հասանելի չէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդունելով Հայաստանի մօտ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող՝ Շոմպի Շարփը, որ կ’աւարտէ իր առաքելութիւնը։

Փաշինեան միեւնոյն ժամանակ կարեւորած է ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնը Հայաստանին՝ «Քորոնա» ժահրի համավարակի հետեւանքները յաղթահարելու գործով։

Բարձր գնահատելով Հայաստանի կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը՝ Շոմպի Շարփ ընդգծած է, որ ՄԱԿ-ը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին, աջակցիլ բարեփոխութիւններու իրագործման եւ բարդ մարտահրաւէրներու յաղթահարման:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ ՀՀ-ՄԱԿ գործընկերութեան, տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան օրակարգի շուրջ: