Մահացած է Ատրպէյճանի կողմէ գերի վերցուած 84-ամեայ Միշա Մելքումեանը․ ՄԻՊ

2020-10-30
Image

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանն իր դիմատետրի էջին գրած է․

«Քիչ առաջ տեղեկացայ, որ այս գիշեր մահացած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ գերի վերցուած 84-ամեայ Միշա Մելքումեանը՝ քաղաքացիական անձ:

Հաշուի առնելով բոլոր ապացոյցներն ու փաստագրումները, թէ ինչ անմարդկային վերաբերմունքի կ'ենթարկուին ու ինչ դաժանութեամբ կը վարուին հայ գերիներու հետ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, ակնյայտ կը դառնայ հիմնաւոր ենթադրութիւնը, թէ ինչէն կրնար մահանալ մեր հայրենակիցը:

Կը ցաւակցիմ Միշա Մելքումեանի բոլոր հարազատներուն»: