Մահացած է Վարչապետ Փաշինեանի հայրը

2020-12-16
Image

Այսօր  Երեւանի  մէջ  մահացած է    Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հայրը։ Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք «Սփութնիք-Արմինիա»  լրատուական ծառայութիւնէն։

Կը նշուի նաեւ, որ  Վովա  Փաշինեան երկար  ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր հիւանդանոցը, ուր կ՚անցնէր բուժման շրջան մը։

Հանգուցեալը 80 տարեկան էր։