Մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է զինծառայող Հայկ Պետրոսեանը. ՊՆ

2023-02-20
Image

Փետրուար 19-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ զինծառայող, շարքային Հայկ Արամի Պետրոսեանը դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ ստացած է հրազէնային մահացու վիրաւորում: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու նպատակով կը տարուի քննութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Դէպքի առթիւ քննչական կոմիտէէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Ըստ նախնական տուեալներու, զինծառայողը մահացած է իրեն ամրակցուած ինքնաձիգէն գլխու շրջանին մենահատ կրակոցէ ստացած վնասուածքի հետևանքով։