Մաճկալաշէնի գերեվարուած բնակիչը փոխանցուած է հայկական կողմին. ատրպէյճանցի զինծառայողները ծեծած են զինք

2021-07-27
Image

Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էինք, Արցախի Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն համայնքի բնակիչներէն մէկը՝ 1989–ի ծնունդ, կորսուած անասուններու որոնման ընթացքին յայտնուած էր ատրպէյճանական Զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ։ 

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան՝ Գեղամ Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Մաճկալաշէնի բնակիչը, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերու միջամտութեամբ հայկական կողմին փոխանցուած է, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կողմէ ծեծի եւ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկուած է եւ որու հետեւանքով նախնական տուեալներով վնասուած է անոր աջ ոտքը:

«Իրականացուած բժշկական զննութեան արդիւնքում պարզուել է, որ նա Ատրպէյճանի Զինուած ուժերի կողմից ծեծի եւ անմարդկային վերաբերմունքի է ենթարկուել, ինչի հետեւանքով նախնական տուեալներով վնասուել է աջ ոտքը: Պատառոտուել են շորերը:

Քաղաքացին այժմ գտնւում է գիւղի իր տանը:

Ատրպէյճանական կողմը շարունակում է իր յարձակողական պահուածքը` առիթը բաց չթողելով խոշտանգելու ու նուաստացնելու իրենց վերահսկողութեան տակ յայտնուած քաղաքացիներին:

Միջազգային կազմակերպութիւնների եւ Արցախի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինների ուշադրութիւնն եմ հրաւիրում միջադէպի վրայ»,- գրած է Ստեփանեան: