Մանէ Գէորգեան ազատուած է ՀՀ վարչապետի մամլոյ քարտուղարի պաշտօնէն

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղար Մանէ Գէորգեանը, իր դիմումին համաձայն, ազատ արձակուեցաւ վարչապետի մամլոյ քարտուղարի պաշտօնէն: Մանէ Գէորգեանը այս մասին գրառում մը կատարած է Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ:
«Սիրելի ընկերներ, դիմումիս համաձայն՝ կը հեռանամ վարչապետի մամլոյ քարտուղարի պաշտօնէն։ Շնորհակալ եմ վարչապետին եւ կառավարութեան աշխատակազմին համատեղ աշխատանքին համար։
Վարչապետի մամլոյ քարտուղարի պարտականութիւնները կատարելու ընթացքը լի էր Հայաստանին բաժին հասած դժուարութիւններով, հակառակ այդ բոլորին՝ փորձեցի հաւատարիմ մնալ այն արժէքներուն, որոնք դրուած էին 2018-ի յեղափոխութեան հիմքին մէջ։ Ներողութիւն կը խնդրեմ բոլոր անոնցմէ, որոնց յոյսերը չարդարացուցի այս պաշտօնին։ Շնորհակալ եմ նաեւ լրագրողներուն՝ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար»,- գրած է ան: