Մանէ Թանդիլեանը պատասխանած է Իլհամ Ալիեւին

2021-07-26
Image

Արցախի մէջ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան հակադարելով Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան թէ, Արցախի մէջ կ՛ապրի 25,000 հայ, եւ այդքան փոքրաթիւ բնակչութեան համար տրամաբանական չէ կարգավիճակի հարցի քննարկում ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է․

«Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ Արցախի մէջ կ՛ապրի 25,000 հայ, եւ այդքան փոքրաթիւ բնակչութեան համար տրամաբանական չէ կարգավիճակի հարցի քննարկում՝ փաստացի խոստովանելով,  որ Արցախի մէջ ապրող հայերն են որոշիչ դեր ունեցողը Արցախի կարգավիճակին համար:

Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ արցախցիների բացառիկ կամքի եւ նուիրումի շնորհիւ՝ Արցախի մէջ շատ արագ իրականացաւ տեղահանուածներուն վերադարձը եւ այս պահուն Արցախի մէջ կ՛ապրի աւելի քան 120,000 հայ։

Արցախ

Արցախցիի՝ իր հողին վրայ ապրելու իրաւունքը անբեկանելի է, որն ալ Արցախի կարգավիճակի գլխաւոր գործօնն է։ Արցախը կ'ապրի բնական կեանքով՝ բազմաթիւ ընկերային, կրթական, մշակութային ծրագրերու շնորհիւ։

Յոյսով եմ, Հայաստանի իշխանութիւնները միջազգային գործընկերներուն պատշաճ եւ ամբողջական կը ներկայացնեն Արցախի մէջ հայկական կեանքի բնական ընթացքի մասին տեղեկութիւն»։