Մարտական յենակէտին մէջ 3 հայ զինծառայողի դի յայտնաբերուած է՝ հրազէնային վիրաւորումներով. ՊՆ

2021-08-19
Image

19 Օգոստոսին, ժամը 02։15-ի սահմաններուն, հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի պահպանութեան տարածքին մէջ գտնուող մարտական յենակէտին մէջ յայտնաբերուած են շարքայիններ, 2002- ծնունդ Մուրատ Աշոտի Մուրատեանի, 2002-ի ծնունդ Լեւոն Ռաֆայէլի Յարութիւնեանի, եւ 2002-ի ծնունդ Գոռ Արտակի Սահակեանի դիերը՝ հրազէնային վիրաւորումներով։

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն ու յայտնած, որ դէպքի հանգամանքները կը պարզուին։