Մարտակերտի բնակարաններէն մէկուն մէջ ատրպէյճանցի զինծառայող յայտնաբերուած է․ ԱՀ դատախազութիւն

ԱՀ ոստիկանութեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ եւ մեր քաղաքացիներու աչալրջութեան շնորհիւ, սոյն թուականի 25 օգոստոսին ԱՀ Մարտակերտ քաղաքի Տէրեան փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայող Ճամիլ Պապաեւը։ Այս մասին յայտնած են ԱՀ դատախազութեան աշխատակազմի հանրային կապերու բաժնէն։
Նոյն օրը վերջինս բերման ենթարկուած է ԱՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն: Յարուցուած է քրէական գործ առերեւոյթ ԱՀ պետական սահմանն ապօրինի հատելու, յիշեալ բնակարանի անչափահաս բնակիչներուն սպանութեան սպառնալիք տալու եւ լրտեսութեան յատկանիշներով նախատեսուած յանցաւոր դէպքերու կապակցութեամբ։ Ճ. Պապաեւը ձերբակալուած է, կը կատարուի հետաքննութիւն։ Սոյն դէպքի հանգամանքներու վերաբերեալ առաջիկային պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկատուութիւն։
«Միաժամանակ հարկ ենք համարում արձագանգել սոյն դէպքի շուրջ երէկուանից սկսած հրապարակումներին։ ԱՀ դատախազութիւնն անընդունելի է համարում Արցախի Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին անվտանգութեանն ու ռազմական ոլորտին վերաբերող տեղեկութիւնների տարածման, հրապարակման, համացանցային տիրոյթ ներբեռնելու եւ ինքնագործունէութեան նմանատիպ այլ դրսեւորումները։ Դրանք յաճախ կարող են առաջացնել անդառնալի հետեւանքներ, խոչընդոտել այլ յանցագործութիւնների արագ կանխման, խափանման եւ դէպքի հանգամանքների լիարժէք բացայայտման գործին, առաջացնել չհիմնաւորուած խուճապ կամ անվերահսկելի ու անկառավարելի վիճակ՝ իր բոլոր բացասական հետեւանքներով, որոնք կարծում ենք հասկանալի ու կռահելի են։ Նման դրսեւորումները զուգորդուում են նաեւ մարդկանց անձնական կեանքի վերաբերեալ տեղեկութիւնների հրապարակմամբ, տուժողի բնակարանի, ինքնութեան կամ անձնական այլ տուեալների բացայայտմամբ, որը եւս ենթակայ է բացառման:
..Հաւաստիացնում ենք, մերօրեայ արտաքին ու ներքին սպառնալիքների, վտանգների պայմաններում ԱՀ դատախազութիւնը բաց ու հրապարակային է աննախադէպ չափով` պատրաստ պատասխանել հրապարակման ենթակայ ու գաղտնիք չպարունակող տեղեկութեան վերաբերեալ ցանկացած հարցման: Ուստի նման իրավիճակներում առաւել նպատակայարմար է ապաւինել տեղեկութեան ստացման սահմանադրական իրաւունքներին»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: