Մարտակերտի զօրամասերէն մէկուն յարակից տարածքին մէջ յայտնաբերուած է մէկ զոհուած զինծառայողի մասունք

2021-03-03
Image

Արցախի հարաւային թեւին՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած վայրերուն մէջ, երէկ իրականացուած որոնումները արդիւնք չեն տուած: Աշխատանքներու հետեւանքով զոհուած զինծառայողի կամ քաղաքացիական անձանց աճիւններ չեն յայտնաբերուած Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը։

Օրուայ երկրորդ կէսին Մարտակերտի զօրամասերէն մէկու յարակից տարածքին մէջ զինուորները յայտնաբերած են մէկ զոհուած զինծառայողի մասունք: Դատաբժշկական փորձաքննութիւնը պիտի պարզէ վերջինիս ինքնութիւնը:

Որոնումները պիտի շարունակուին այսօր: 

Նշենք, որ զինադադարէն ետք մինչ այսօր յայտնաբերուած է ընդհանուր 1486 աճիւն: