Մարտունիի եւ Շուշիի ուղղութիւններով շարունակուած են անհետ կորսուածներու որոնման եւ զոհուածներու մարմիններու դուրսբերման աշխատանքները

2020-11-18
Image

17 Նոյեմբերին, մինչեւ ուշ երեկոյ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչներու աջակցութեամբ, Մարտունիի եւ Շուշիի ուղղութիւններով շարունակուած են անհետ կորսուածներու որոնման եւ զոհուածներու մարմիններու դուրսբերման աշխատանքները։

Ռազմական գործողութիւններու վայրերուն մէջ որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին` ներառելով նոր, աւելի ընդգրկուն տարածքներ:

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը 9 նոյեմբերին ստորագրած է եռակողմ յայտարարութիւն, որով Ատրպէյճանին կ'անցնին Արցախի եօթ շրջանները, Շուշին ու Հադրութը, բացառութեամբ մէկ գիւղի, գիւղեր Ասկերանի ու Մարտունիի շրջանէն, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերը։

Ըստ այդ յայտարարութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շփման գիծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով կը տեղակայուի Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբ, այդ շարքին՝ հրաձգային զէնքով զինուած 1960 զինծառայող, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր  մեքենաներ եւ յատուկ սարքեր: ՌԴ խաղաղապահներու մէկ մասը արդէն տեղակայուած է Արցախ: