Մարտունիի մէջ ծանր հրետանի կիրառուած է, Շուշին հրետակոծուած է ամենատարբեր զինատեսակներով․ ԱՀ ԱԻՊԾ

2020-11-05
Image

Կէսգիշերէն ետք Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն մէջ պահպանուած է յարաբերական հանգիստ իրավիճակը։ Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։

Լուսադէմին թշնամին վերսկսած է խաղաղ բնակչութեան ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը։

Մասնաւորապէս, ծանր հրետանի կիրառուած է Մարտունի քաղաքին մէջ եւ ամենատարբեր զինատեսակներով հրետակոծուած է Շուշին։

Տուժածներու եւ աւերածութիւններու վերաբերեալ տուեալները կը ճշդուին։