Մարտունիի շրջանի կարգ մը գիւղեր, այդ շարքին` Կ.Շուկան, կը հրթիռակոծուին սմերչով. ԱՀ ԱԻՊԾ

2020-10-23
Image

Հոկտեմբեր 22-ի լոյս 23-ի գիշերը անհանգիստ եղած է Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջանը։

Մարտակերտ քաղաքի հրետակոծութեան հետեւանքով Ա.Սախարով 7 հասցէին վրայ գտնուող բազմաբնակարան շէնքի 2 տուն հրդեհուած է։ Մարտակերտի շրջանային արտակարգ իրավիճակներու բաժնի հրշէջ փրկարարները յաջողած են արագ մարել կրակը, որպէսզի այլ բնակարաններու մէջ եւս հրդեհ չբռնկի։ Այս մասին կը յայտնէ ԱՀ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:

Նախնական տուեալներով թշնամին այս ուղղութեամբ կրակ բացած է կրատ կանքէն։ Մարդկային կորուստներ չկան։

Լուսադէմին Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ եւ Թաղավարդ գիւղերը յայտնուած են Ատրպէյճանի թիրախ։ Այստեղ կը կիրառուի սմերչ տեսակի հրթիռներ։ Այս պահուն եւս Մարտունիի շրջանի շարք մը գիւղեր, այդ կարգին` Կ.Շուկան, կը հրթիռակոծուին սմերչով։