Մարտ 1-ի ողբերգական դէպքերէն անցած է 15 տարի

Այսօր կը լրանայ մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններու 15-րդ տարելիցը։
2008 թուականի մարտ 1-ին վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ գիշերող նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներէն դժգոհ ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ:
Նոյն օրը աւելի ուշ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակը եւ անոր մերձակայքը գտնուող ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ սկիզբ առած բախումներու հետեւանքով սպանուեցաւ 10 քաղաքացի, վիրաւիրուեցաւ՝ 200 մարդ:
2018-ին, Մարտ 1-ի քրէական գործը վերաբացուեցաւ, եւ մեղադրանք առաջադրուեցաւ քանի մը նախկին պաշտօնեաններու, այդ շարքին նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին:
Յատուկ քննչական ծառայութեան առաջադրած մեղադրանքները կը վերաբերէին նախնական պայմանաւորուածութեամբ սահմանադրական կարգը տապալելուն, իշխանութիւնը բռնի զաւթելուն։