Մարտ 16-18-ը ՀՀ կառավարական պատուիրակութիւնը պիտի գործուղուի Մոսկուա

Հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան օրակարգին առնչուող հարցերը քննարկելու նպատակով 2021 թուականի մարտ 16-18-ը Ռուսաստանի Դաշնութիւն (Մոսկուա) պիտի գործուղուի ՀՀ կառավարական պատուիրակութիւնը։ Այս մասին որոշում կայացուցած է ՀՀ վարչապետը։
Պատուիրակութեան կազմին մէջ են Մհեր Գրիգորեանը, Դաւիթ Գէորգեանը, Յակոբ Վարդանեանը, Գարեգին Բաղրամեանը։
Ըստ վարչապետի որոշման, ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, գործուղումէն վերադառնալէն ետք, եռօրեայ ժամկէտի մէջ ՀՀ վարչապետին պիտի ներկայացնէ գործուղման արդիւնքներու մասին հաշուետուութիւնը: