Մաքրոն Փաշինեանի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց Հայաստանէն ատրպէյճանական ուժերը անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ: Այս մասին կը հաղորդեն վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի առաջնորդները քննարկած են Սիւնիքի մարզին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժելուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը եւ զայն հանգուցալուծելու քայլերը:
Ֆրանսայի նախագահը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին՝ հարցը խաղաղ կերպով լուծելու առումով: Մաքրոն վերահաստատած է Ֆրանսայի հաւատարմութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ ընդգծած է Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերը անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի նախագահին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ մշտական ուշադրութիւն ցուցաբերելու եւ բարեկամական վերաբերմունք արտայայտելու համար:
Մաքրոն շեշտած է, որ Ֆրանսա պատրաստ է հետագային եւս իր նպաստը բերելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լուծման, անոր զարգացման եւ յառաջընթացին: