Մենք երբեք չենք նախաձեռնած յարձակում որեւէ երկրի վրայ, մեր միակ ցանկութիւնը խաղաղութիւնն է. ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Մակունցի հարցազրոյցը Al Arabiya-ին

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնը ստանձնելէն կարճ ժամանակ անց Լիլիթ Մակունցն արդէն քայլեր կը ձեռնարկէ հայ-ամերիկեան կապերուն նոր խթան հաղորդելու ուղղութեամբ:
Այս մասին գրած է Al Arabiya-ն, որ հարցազրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի առաջին կին դեսպանի հետ:
«Մենք պատերազմէն ետք դեռ վերականգնման փուլի մէջ ենք՝ ինչպէս մտաւոր, այնպէս ալ տնտեսապէս»,- նշած է 37-ամեայ դեսպանը:
Խօսելով 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի եւ հայ-ատրպէյճանական խնդիրը լուծելու մասին՝ Մակունցը նշած է, որ հարցի լուծման լաւագոյն ճանապարհը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբն է:
«1994 թուականին, երբ մենք յաղթեցինք [Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին], մենք ետ վերադարձուցինք բոլոր ռազմագերիները: Տարօրինակ է, որ անոնք (խմբ.- Ատրպէյճանը) կը շարունակեն պահել հայ ռազմագերիները»,- նշած է Մակունցը:
Ան շեշտած է, որ ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններու հետեւանքով շատ հայեր տեղահանուած են, եւ այժմ Հայաստանի կառավարութիւնը օրէնքներ կը մշակէ՝ ներքին տեղահանուած անձանց օգնութիւն տրամադրելու նպատակով:
«Հայաստանը հպարտ է իր ժողովրդավարութեամբ: Պատերազմէն ետք մենք որոշեցինք, որ պէտք է մեծցնենք դիւանագիտական ջանքերը աշխարհի խոշոր մայրաքաղաքներուն մէջ:
Մեր միակ ցանկութիւնը խաղաղութիւնն է: Մենք երբեք չենք նախաձեռնած յարձակում որեւէ երկրի վրայ եւ չենք ծրագրեր նման բան»,- յայտարարած է ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Մակունցը: