Մենք պէտք է սովորենք, որ անհրաժեշտութեան դէպքում կարողանանք պաշտպանել մեր երկիրը. ՊՆ Նախարար

2021-09-06
Image

Եռամսեայ հաւաքներու մասնակիցներու աշխոյժ մարզումները կը շարունակուին։ Այս մասին ըսուած է Զինուժ մետիայի պատրաստած տեսանիւթին մէջ:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանը հաւաքներուն մասնակցող պահեստազօրայիններուն այցելութեան ժամանակ եռամսեայ հաւաքներու մասնակիցներուն կոչ ըրած է ընելու հնարաւորը վերապատրաստման գործընթացը առաւել արդիւնաւէտ իրականացնելու համար:

Կարապետեանը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերը սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորներն են եւ անոնց մարտական պատրաստութենէն կախուած է երկրի խաղաղ ապագան:

«Մենք պէտք է սովորենք, որ անհրաժեշտութեան դէպքում կարողանանք պաշտպանել մեր երկիրը։ Բացի մեզանից, ոչ ոք չի պաշտպանի, մնացածը լաւագոյն դէպքում կարող են օգնել։ Մեր երկրի պաշտպանները մենք ենք»,- ընդգծած է պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը։