Մենք պէտք է օգտագործենք բոլոր միջոցները մեզ պաշտպանելու համար. Նիկոլ Փաշինեանը՝ The Washington Post-ին

2020-09-30
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հարցազրոյց տուած է The Washington Post-ին, որուն մէջ անդրադարձած է Լեռնաիին Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման եւ պատերազմական գործողութիւններուն: ՀՀ վարչապետը խօսած է նաեւ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան մասին:

Տէյվիտ Իկնեշիուսի յօդուածը կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սրուող հակամարտութիւնը նոր վտանգաւոր շրջադարձ արձանագրեց երեքշաբթի՝ Թուրքիոյ կողմէ հայկական մարտական ինքնաթիռի խոցումէն ետք: ՀՀ վարչապետը հարցազրոյցի ժամանակ մտավախութիւն յայտնեց, որ ատոր հետեւանքով Թուրքիան եւ Հայաստանը աւելի լայնածաւալ պատերազմի մէջ կրնան ներքաշուիլ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյցի ժամանակ ըսած է, որ Թուրքիան «անկայունութիւն կը ստեղծէ հարեւան երկիրներու մէջ, Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին, Մերձաւոր Արեւելքին եւ այժմ Հարաւային Կովկասի մէջ: Սա ահագնացող սպառնալիք է համաշխարհային անվտանգութեան համար»: Ան ըսած է, որ բացի յիշեալ F-16-ի դէպքէն, կիրակի օրուընէ հակամարտութեան վերսկսումէն ի վեր Թուրքիան կ'օգնէ Ատրպէյճանին անօդաչու թռչող սարքերով եւ վարձկաններով:

Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Ֆրանսան եւ Գերմանիան կողմերուն կոչ կ'ընեն անցնելու դիւանագիտութեան: Փաշինեանն ըսած է, որ ինքը եւ իր գործընկերները արդէն զրուցած են այդ բոլոր երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ: Սակայն առայժմ ակնյայտ առաջընթաց չէ գրանցուած հրադադարի կամ կարգաւորման բանակցութիւններու ուղղութեամբ:

Պետական քարտուղարութիւնը աւելի ու աւելի մտահոգուած է ԱՄՆ կարեւոր դաշնակցի (ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիա) եւ Ռուսաստանի դաշնակից Հայաստանի միջեւ դիմակայութեամբ:

Փաշինեանն ըսած է, որ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակումը բուն Հայաստանի վրայ «այժմ իրականութիւն դարձած է» Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն արեւելք գտնուող Վարդենիսի շրջանի հրետակոծմամբ:

Ան ըսած է, որ թրքական F-16-ը, որ ըստ հաղորդումներու խոցած է հայկական Su-25 կործանիչը, կ'աջակցէր Վարդենիսի տարածքին մէջ ատրպէյճանական յարձակման: Ռուսաստանի ԹԱՍՍ գործակալութիւնը երեքշաբթի օր հաղորդում տուաւ հայկական օդանաւի խոցման մասին՝ վկայակոչելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը:

«Այն, ինչ այսօր տեղի կ'ունենայ, հայ ժողովուրդի դէմ յայտարարուած պատերազմ է», - պնդած է Փաշինեանը: Ան ըսած է, որ Թուրքիոյ հետ ունեցած պատմական հակամարտութեան պատճառով իր երկիրն այսօր կանգնած է «գոյապահպանութեան սպառնալիքի» առջեւ:

Պատասխանելով Հայաստանի հարաւ-արեւմուտքի մէջ գտնուող ատրպէյճանական Նախիջեւանէն հնարաւոր յարձակման սպառնալիքի մասին, Փաշինեանն ըսած է, որ ան ռազմական դրութիւն յայտարարած է եւ շեշտած. «Մենք պէտք է օգտագործենք բոլոր միջոցները մեզ պաշտպանելու համար»:

Մասնաւորելով թրքական սպառնալիքի մասին ըսուածը՝ Փաշինեանը վկայակոչած է Օսմանեան կայսրութեան մայրամուտին՝ 1915 թուականին աւելի քան 1 միլիոն հայերու կոտորածը, որ թէեւ ԱՄՆ Քոնկրէսի եւ շատ այլ երկիրներու կողմէ ընդունուած բանաձեւերուն մէջ կ'որակուի որպէս «ցեղասպանութիւն», սակայն կը շարունակէ մերժուիլ Թուրքիոյ կողմէ:

«Թուրքիոյ նախագահը ժխտողականութիւնը վերածած է իր պետութեան պաշտօնական քաղաքականութեան», -ըսած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով. «Ժխտողականութիւնը նոր ցեղասպանութեան նախապայմաններէն մէկն է»:

Հայաստանի վարչապետը ըսած է, որ կիրակի մարտերը վերսկսելէն ի վեր Հայաստանը ունեցած է տասնեակ զոհեր եւ շուրջ 200 վիրաւոր: Ան նշած է, որ ատրպէյճանցիները կորսնցուցած են քանի մը հարիւր զինուոր, գումարած աւելի քան 100 հրասայլ, քանի մը ուղղաթիռ եւ այլ սարքեր: Ան նաեւ ըսած է՝ քանի որ հայկական ուժերը ետ մղած են յարձակումները ինչպէս Ղարաբաղի, այնպէս ալ Հայաստանի ուղղութեամբ, ապա «յոյսով եմ, որ ի վերջոյ Ատրպէյճանի նախագահը կը հասկնայ, որ Ղարաբաղի հարցը ռազմական լուծում չունի»:

Փաշինեանի խօսքով՝ շաբթուայ ընթացքին հնարաւոր դիւանագիտական կարգաւորման մասին խօսած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի հետ:

Պետական քարտուղարութիւնը կիրակի օր յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները «անհանգստացած է Ղարաբաղի մէջ լայնամաշտապ ռազմական գործողութիւններու մասին հաղորդագրութիւններէն» եւ նախազգուշացուցած է «արտաքին ուժերուն՝ զերծ մնալ սրուող հակամարտութեան մասնակցելէ»՝ անուղղակիօրէն ակնարկելով Թուրքիոյ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ պետական քարտուղարի տեղակալ Սթիւըն Պայկուն զանգած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ «երկու կողմերուն կոչ ընելով անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները»: Փաշինեանը յայտնած է, որ կը նախատեսուին հետագայ բանակցութիւններ ԱՄՆ պաշտօնեաներու հետ»: