Մեր աղօթքները Աւստրիոյ ժողովուրդի հետ են. վարչապետ Փաշինեանը ցաւակցած է ահաբեկչութիւններու առնչութեամբ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ցաւակցած է Աւստրիոյ ժողովուրդին 2 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու առնչութեամբ:
«Մեր աղօթքները Աւստրիոյ ժողովուրդի հետ են: Լեռնային Ղարաբաղն արդէն մէկ ամիսէ աւելի կը պայքարի ատրպէյճանա-թրքական ահաբեկչական ուժերու դէմ: Ես կը կիսեմ Աւստրիոյ ժողովուրդի վիշտը, համբերութիւն կը մաղթեմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն»,-«Թվիթըր»-ի իր էջին նշած է վարչապետ Փաշինեանը:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ գտնուող սինակոկի մը մէջ անյայտ անձ մը քանի մը կրակոց արձակած եւ ինքզինք պայթեցուցած է:
Ըստ Վիեննայի տեղական լրատուամիջոցներուն, կան 7 զոհեր: Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը չէ բացառած, որ դէպքը կապ ունենայ ահաբեկչութեան հետ` աւելցնելով, որ յարձակումը կատարած են մէկէ աւելի անձեր: