Մեր այցը Հայաստան, հզօր խորհրդանիշն է ԱՄՆ-ի հաստատակամ վճռականութեան, ունենալ խաղաղ, բարեկեցիկ եւ ժողովրդավար Հայաստան. Փելոսի

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ՝ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Հայաստան ի ցոյց կը դնէ ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը՝ անվտանգ, տնտեսապէս բարեկեցիկ եւ ժողովրդավար կառավարման Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է այցի վերաբերեալ Փելոսիի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակը նշած է, որ ուրախ են այցելելու Երեւան 2019 թուականին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող պատմական բանաձեւի ընդունումէն եւ առաջին անգամ ԱՄՆ-ի նախագահի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն յետոյ։ Ան ընդգծած է, որ «բոլորի բարոյական պատասխանատւութիւնն է՝ երբեք չմոռնալ․ պարտաւորութիւն, որ յատկապէս մեծ հրատապութիւն ձեռք բերած է, քանի որ կոտորածներ կ'իրականացուին ողջ աշխարհը, անոնց կարգին եւ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ մէջ»։
«Քոնկրէսի մեր պատուիրակութեան այցը Հայաստան, հզօր խորհրդանիշն է Միացեալ Նահանգներու հաստատակամ վճռականութեան, ունենալ խաղաղ, բարեկեցիկ եւ ժողովրդավար Հայաստան եւ կայուն ու խաղաղ կովկասեան տարածաշրջան։ Կառավարութեան առաջնորդներու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ անվտանգային մարմիններու անդամներու հետ աշխատանքային հանդիպումներու ժամանակ մենք կը յայտնենք ԱՄՆ-ի՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ եւ Հայաստանի երկար տարիներու բարեկամ, ուժեղ եւ շարունակուող աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական կարգաւորման»,- նշած է Փելոսին։
Ան ընդգծած է, որ պատուիրակութեան կազմէն ներս ընդգրկուած տեմոկրատ գործիչները՝ Ֆրանք Փալոնէն, հայկական արմատներ ունեցող՝ Աննա Էշուն, Ճէքի Սփիերը Հայաստանի շահերու համար երկար տարիներէ ի վեր գործունէութիւն ծաւալող գործիչներ են։ «Մեր պատուիրակութիւնը կ'ակնկալէ ունենալ արդիւնաւէտ հանդիպումներ, որոնք ալ աւելի կ'ամրապնդեն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ մեր գործընկերութիւնը եւ տարածաշրջանի մէջ առաջ կը մղեն մեր արժէքներն ու շահերը»,- եզրափակած է Փելոսի։