Մեր բոլոր ծրագրերուն հիմքը մարդն է. Մասիս Մայիլեան եւ «Նոր Արցախ»ը քարոզարշաւը կը շարունակեն Մարտունիի մէջ

2020-03-03
Image

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար, նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեան, «Նոր Արցախ» դաշինքի անդամները մեկնարկած քարոզարշաւի շրջածիրէն ներս, 3 Մարտին այցելած են Մարտունի շրջանի Քերթ, Քարահունջ եւ Կոլխոզաշէն համայնքներ, ուր հանդիպումներ ունեցած են հասարակութեան հետ եւ ներկայացուցած նախընտրական ծրագիրը:

«Նոր Արցախ» դաշինքի անդամներու շարքին ներկայ էր նաեւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ Բարդուղ Գալստեանը եւ Նարինէ Ֆարսեանը:

4

Նշենք, որ «Նոր Արցախ» դաշինքը ձեւաւորուած է Ինքնութիւն եւ Միասնութիւն, Վաղուայ Արցախ եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւններէն:

Մարտունի շրջանի Քերթ գիւղին մէջ քաղաքական ուժը յայտարարած է՝ «կու գանք փոխելու»: Ցուցակը գլխաւորող Կրիկորի Սահակեանի խօսքով, անհրաժեշտ ներուժն ունին. «Ծնօթանալով «Նոր Արցախ» դաշինքին, եզրակացութիւնը հետեւեալն է, որ դաշինքին մէջ առկայ է անհրաժեշտ մասնագէտներ թէ՛ տնտեսութեան զարգացման,  թէ՛ ֆինանսական ոլորտի, բժիշկներ, դասախօսներ, ուսուցիչներ եւ իրաւաբաններ, այսինքն այն կարգի մասնագէտներ, որոնք այսօր անհրաժեշտ պիտի ըլլան յետագայ զարգացումները ապահովելու համար»:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջողութեան հասնելու պարագային «Նոր Արցախ»ը արմատական բարեփոխումներ կը խոստանայ: Պետական կառավարման գործող համակարգը չի գոհացներ քաղաքական ուժը:

Ըստ Բարդուղ Գալստեանի, գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ պիտի ներդնեն ապահովագրութեան համակարգը, որ գիւղացին հող մշակէ: «Մարդիկ, որոնք քաղաքը նստած բարձր պաշտօններ կը զբաղցնեն, պիտի չմշակեն ձեր հողերը, ձեզի ընդամէնը մի քանի գրոշ վճարելով, բերելով այն վիճակի, որ «դուք ի վիճակի չէք մշակելու, ատոր համար մենք կը մշակենք»: Այսինքն գիւղացին ինքը նախ եւ առաջ պէտք է իր համայնքին յատկացուած թէ՛ սեփականութեան, թէ՛ ֆոնտի պահուստային հողերու օգտագործողը ըլլայ»,-ըսած է Գալստեան:

Քարահունջի մէջ կայացած հանդիպման «Նոր Արցախ» կուսակցութիւններու դաշինքի ներկայացուցիչները ընդգծած են՝ իրենց բոլոր ծրագրերուն հիմքը մարդն է, կը կարծեն, որ օրէնքի եւ իրաւահաւասարութեան պայմաններուն մէջ հնարաւոր է երկրին մէջ կայուն զարգացում ապահովել:

«Պէտք է առաւելագոյնս փոխել մտածելակերպը, մարդը դարձնել արժէք, սահմանել օրինականութիւն, սահմանել իրաւահաւասար իրաւական դաշտ. ասոնք շատ կարեւոր դրոյթներ են, որ այսօր ուղղակի օդ ու ջուրի պէս անհրաժեշտ են»,- ըսած է դաշինքի անդամ  Վահրամ Ղահրամանեանը:

Յիշեցնենք, որ նախագահի թեկնածուներէն «Նոր Արցախ» դաշինքը կը սատարէ Մասիս Մայիլեանին: