Մեր կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը շատ ջերմ վերաբերմունք ունի Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան ե՛ւ ժողովուրդի, ե՛ւ Ձեր նկատմամբ. Փաշինեանը՝ Եգիպտոսի նախագահին

2023-01-30
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութենէն ներս հիւրընկալած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին: Նախ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Եգիպտոսի առաջնորդներու առանձնազրոյցը, այնուհետեւ բանակցութիւնները շարունակուած են ընդլայնուած կազմերով:

Առանձնազրոյցի սկիզբը վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Մեծարգոյ պարոն նախագահ, ողջունում եմ Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Դուք Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան առաջին ղեկավարն էք, որ այցելում է Հայաստանի Հանրապետութիւն, Ձեզ հիւրընկալելը մեծ պատիւ է:

Մեր կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը շատ ջերմ վերաբերմունք ունի Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան ե՛ւ ժողովրդի, ե՛ւ Ձեր նկատմամբ:

Յոյս ունեմ՝ Ձեր այցի արդիւնքներով նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները մեծ ակտիւութիւն եւ լիցք կը ստանան: Մեծարգոյ պարոն նախագահ, կրկին ողջունում եմ Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքում: Բարով էք եկել»:

Իր հերթին Եգիպտոսի նախագահը նշած է. «Նորին Գերազանցութիւն, մեծարգոյ պարոն վարչապետ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեզի ինծի ընձեռած հնարաւորութեան, Ձեր հրաւէրի, ջերմ ընդունելութեան եւ Ձեր երկրին մէջ լաւ հիւրասիրութեան համար: Կ'ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել այն արագ զարգացման համար, որ մեր կողմէ կ'ապահովուի երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին:

Երկու երկիրներու միջեւ ղեկավար մակարդակներով առկայ է փոխադարձ վստահութիւն. պէտք է արձանագրել, որ այդպիսի վստահութիւն կայ նաեւ երկու երկիրներու ժողովուրդներու միջեւ: Այդ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ աւելի հեռանկարային զարգացում ապահովելու երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ: Խօսքը կը վերաբերի բոլոր ոլորտներուն հաւասարապէս՝ ըլլայ տնտեսական, թէ մշակութային: Բազմաբեւեռ եւ բազմաոլորտ յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման համար կան շատ հնարաւորութիւններ: Խօսքս կը վերաբերի թէ՛ տնտեսական, թէ՛ փոխադարձ ներդրումներու, թէ՛ բարձր արհեստագիտութիւններու, թէ՛ զբօսաշրջութեան, թէ՛ կապի, թէ՛ ելեկտրական ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ»:

Ընդլայնուած կազմերով հանդիպման վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ կարեւոր զրոյց ունեցած են Եգիպտոսի նախագահի հետ ու քննարկած երկկողմ ու տարածաշրջանային օրակարգի շատ հարցեր: «Եգիպտոսը մեզ համար վստահելի գործընկեր է միջազգային ասպարէզում, եւ թոյլ տուէք համոզմունք յայտնել, որ մեր վստահութիւնն էլ աւելի կը խորանայ Ձեր այս պատմական այցի արդիւնքներով: Նաեւ մեր այս յարաբերութիւնների ջերմութիւնը, կարծում եմ, ի ցոյց է դնում մեր առանձնայատուկ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ արաբական աշխարհի յարաբերութիւնների համատեքստում: Եգիպտոսը մեզ համար վստահելի գործընկեր է նաեւ իսլամական աշխարհի հետ մեր յարաբերութիւններում եւ խօսակցութեան մէջ:

Մեր այս յարաբերութիւնները, մեր այս ջերմութիւնն ի ցոյց է դնում նաեւ իսլամական աշխարհի եւ քաղաքակրթութեան նկատմամբ մեր վերաբերմունքը, մեր յարգանքը: Կարեւոր գործնական արդիւնք է նաեւ այն պայմանաւորուածութիւնը, ըստ որի՝ կը յանձնարարենք մեր նախարարներին, որպէսզի 2023 թուականին միջկառավարական համագործակցութեան յանձնաժողովի հերթական նիստը տեղի ունենայ: Տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման այն հնարաւորութիւնները, որոնք Դուք մատնանշեցիք, ես ասացի, որ շնորհակալութեամբ ենք ընդունում եւ անպայման ամէն ինչ կ'անենք այդ օրակարգն իրացնելու համար:

Մեծարգոյ պարոն նախագահ, թոյլ տուէք եւս մէկ անգամ ողջունել Ձեզ եւ Ձեր պատուիրակութեանը»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ապտը Ֆաթթահ Սիսին նշած է, որ ՀՀ վարչապետի հետ առանձնազրոյցի ընթացքին այն բարեկամական մթնոլորտը եւ ջերմութիւնը, որ զգացած է, կը խօսի միայն մէկ բանի մասին, թէ որքան մեծ փոխադարձ վստահութիւն ու յարգանք կայ երկու երկիրներու միջեւ: «Պարոն վարչապետ, թոյլ տուէք նաեւ ըսել, որ այն բոլոր կէտերը, որոնց շուրջ տեղի ունեցան մեր քննարկումները, պէտք է սեղմ ժամանակահատուածի մէջ վերափոխուին գործնական քայլերու, եւ այդ դրսեւորուի մեր երկու պետութիւններու կառավարութիւններու գործունէութեամբ: Կարելի է միջկառավարական յանձնաժողովի նիստերը գումարել հնարաւորինս շուտ եւ մօտ ժամանակահատուածին»,- ըսած է Եգիպտոսի նախագահը:

Կարեւորելով միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը՝ վարչապետը բարձր գնահատած է Եգիպտոսի աջակցութիւնը Հայաստանին յատկապէս այն կազմակերպութիւններուն մէջ, որոնց Հայաստանը չանդամակցիր։

Հայկական կողմը վերահաստատած է ԵԱՏՄ-ի եւ Եգիպտոսի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ Եգիպտոսին Հայաստանի աջակցութիւնը, որ լայն հնարաւորութիւններ կ'ընձեռյ երկկողմ առեւտրաշրջանառութիւնը խթանելու համար։ 

Բարձր գնահատելով վերջին երեսուն տարիներուն ձեւաւորուած միջպետական ամուր կապերը՝ զրուցակիցները կարեւորած են տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու, զբօսաշրջութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներու մէջ փոխգործակցութեան առաւել խորացումը:

Հանդիպման վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը: Վարչապետը նաեւ ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան հերթական խախտման փաստը եւ շեշտած ատոր միջազգային հանրութեան ուշադրութեան ու համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:

Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանի եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու շուրջ: