Մեր համբերութիւնը նոյնպէս անսպառ չէ. ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը` ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին

2021-08-10
Image

9 Օգոստոսին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանն ընդունած է աշխատանքային այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասին։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Ողջունելով հիւրը՝ պաշտպանութեան նախարարը, մասնաւորապէս, նշած է. «Մենք Ձեր այցին սպասում էինք դեռ Մայիս ամսին: Հայաստանի համար այդ պահին բաւական լարուած ժամանակահատուած էր, բայց, ցաւօք սրտի, Ձեր այցը տեղի չունեցաւ: Այսօր մեր սահմաններին ձեւաւորուել է կայուն ծանր իրավիճակ: Մայիս ամսին ատրպեճանական զինուած ուժերը, երկու ուղղութեամբ, ներխուժեցին հայկական տարածք: Դա մեզ անչափ անհանգստացնում է: Մենք խաղաղութեան կողմնակից ենք: Մենք, որեւէ պարագայում, չենք ուզում իրադրութեան լարում մեր սահմաններին: Միեւնոյն ժամանակ, մենք պատրաստ չենք համակերպուել գործողութիւնների հետ, որոնք կարող են յանգեցնել Հայաստանի պետական սահմանի խախտմանը: Մենք վճռականօրէն պաշտպանելու ենք մեր տարածքները: Մենք, ի հարկէ, ձգտում ենք խաղաղ ճանապարհով լուծել այս խնդիրը՝ ի ցոյց դնելով մեր խաղաղասիրութիւնը: Միեւնոյն ժանանակ, մեր համբերութիւնը նոյնպէս անսպառ չէ, եւ մեր սահմաններին ստեղծուած իրադրութեան խաղաղ յանգուցալուծման բացակայութեան պարագայում մենք իրաւունք ենք վերապահում խնդիրը լուծել ուժի կիրառմամբ»:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանն ափսոսանք յայտնած է, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ առկայ որոշումներու կայացման եւ ճգնաժամային իրավիճակներուն արձագանգման մեխանիզմները չեն համապատասխաներ իրադրութեան զարգացման ներկայիս պահանջներուն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը Գլխաւոր քարտուղարին տեղեկացուցած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ ՀՀ նախագահութեան հայեցակարգային մօտեցումներու մասին՝ շեշտելով, որ հայկական կողմի առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան  կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումն ու կատարելագործումը, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացման խնդիրները:

Սթանիսլաւ Զասը շնորհաւորած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը՝ պետական բարձր պաշտօնն ստանձնելու կապակցութեամբ:

Այնուհետեւ, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին տեղեկացուցած է, որ ընթացիկ տարուան 15 Սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ կը ծրագրուին ՀԱՊԿ արտաքին գործերու, պաշտպանութեան նախարարներու եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու կոմիտէի համատեղ նիստերը, իսկ 16 Սեպտեմբերին՝ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի վեհաժողովի կայացումը, որու ընթացքին ՀԱՊԿ նախագահութիւնը պիտի փոխանցուի Հայաստանի Հանրապետութեան: