Մեր հայրենակից Յարութիւն Քիվիրեանը ընտրուած է տիեզերք թռչելու համար
Ռուսաստանի Դաշնութեան Տիեզերագնացներու ընտրութեան բաց մրցոյթի շրջածիրէն ներս տիեզերագնացներու ընտրութեան եւ անոնց` տիեզերանաւերու եւ կայաններու անձնակազմին մէջ նշանակման միջգերատեսչական յանձնաժողովը (ՄԳՅ) (մրցոյթը մեկնարկած է 2019 թուականին) որոշած է առաջարկել «Եուրի Ա. Կակարին անուան հետազօտական հիմնարկ»էն 4 հոգիի՝ Տիեզերագնացութեան ջոկատի տիեզերագնացներու թեկնածուներու պաշտօնին:
Որոշումն ուժի մէջ մտած 2021 թուականի 27 յունուարէն:
Տիեզերագնացի մասնագիտութիւնը պիտի իւրացնեն Սերկէյ Իրտուկանովը, Ալեքսանտր Կոլիապինը, Սերկէյ Տետերիատնիքովը եւ Յարութիւն Քիվիրեանը: Մօտ ապագային անոնք պիտի սկսին ուսումնասիրել Ընդհանուր տիեզերական պատրաստութեան դասընթացը (ԸՏՊ), որ պիտի անցնին երկու տարուայ ընթացքին:
Տիեզերագնացներու նոր ընտրութեան արշաւը սկսած է 2019 թուականի 3 յունիսին: Այնուհետեւ ՄԳՅ-ն որոշում կայացուցած է «Ռոսկոսմոս»-ի տիեզերագնացներու ջոկատի թեկնածուներու ընտրութեան մրցոյթ կայացնել: Մրցոյթի նպատակն է ընտրել լաւագոյն մասնագէտները, որոնք կ'աշխատին Ռուսաստանի Դաշնային տիեզերական ծրագրի իրականացման ապահովման ուղղութեամբ: ՏՊԿ-ի մասնագէտները ստացած են ընդհանուր 2229 բանաւոր եւ գրաւոր դիմում տիեզերագնաց դառնալու ցանկութիւն ունեցողներէ: Ջոկատին մէջ տեղերուն կրնային յաւակնիլ ՌԴ մինչեւ 35 տարեկան քաղաքացիները, որոնք բարձրագոյն, հիմնական` տեխնիկական կրթութիւն ունին: