Մեր տղաներու մարտական ոգին ու տրամադրուածութիւնը յաղթանակի հանդէպ միայն մեծ վստահութիւն կը ներշնչէ. ԱՀ Նախագահ

ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը դիմատետրի իր էջին նոր գրառում ըրած է:
«Սիրելի ՛ հայրենակիցներ,
Ամէն անգամ առաջնագիծէն կը վերադառնամ նոր ու թարմացած ուժերով: Մեր տղաներու մարտական ոգին ու տրամադրուածութիւնը յաղթանակի հանդէպ միայն մեծ վստահութիւն կը ներշնչէ:
Արհեստավարժ զինուորականներու, ժամկէտայիններու եւ աշխարհազօրի սերտ փոխգործակցուած աշխատանքն ու կողք-կողքի ճիշդ գործելու ունակութիւնը ամէն օր կ'արտայայտուին նոր սխրանքներով: Եւ այսօր շատ կարեւոր է, որ անոնց ոգեւորութիւնն ու վճռականութիւնը վարակիչ դառնան նաեւ թիկունքին գտնուողներուն համար:
Թշնամիի դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու եւ յաղթանակի հասնելու բոլորիս հաւաքական ցանկութիւնը կրնանք կեանքի կոչել մեր ուժերու նկատմամբ անվերապահ հաւատի ու միասնական ջանքերու շնորհիւ»: