Մինչ օրս մենք կրցած ենք վերադարձնել 104 ռազմագերի․ Նիկոլ Փաշինեան

Ի հեճուկս իր ստանձնած պարտաւորութիւններու՝ Ատրպէյճանը մինչ օրս չէ վերադարձուցած մեր ռազմագերիները։ Այս մասին Կառավարութեան նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը։
«Ամէն դէպքում, միջազգային մեր գործընկերների հետ մեր համագործակցութեամբ մինչ օրս մենք կարողացել ենք վերադարձնել 104 ռազմագերու։ Մենք շարունակելու ենք աշխատել մեր բոլոր ռազմագերիների վերադարձի ուղղութեամբ»,-ըսած է ան։
Փաշինեանի խօսքով՝ Ղարաբաղի հարցի համապարփակ կարգաւորման, սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը եղած են, կան եւ պիտի ըլլան ՀՀ առաջնահերթութիւններու շարքին։
«Ատրպէյճանն իր ապակառուցողական գործողութիւններով ոչ միայն խախտում է Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը, այլեւ փորձում է խաթարել Յունուարի 11-ի՝ եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած տարածաշրջանային ենթակառուցուածքների ապաշրջափակման գործընթացը»,-ըսած է ան։