ՄԻՊ-ը նամակ յղած է Google-ին՝ յորդորելով զերծ մնալ թուային քարտէզներէն Արցախի հայկական տեղանունները հեռացնելէ

2022-01-11
Image

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան նամակ յղեց «Կուկըլ» ընկերութեան` յորդորելով չտարուիլ ատրպէյճանական սադրանքներուն, անտեսել Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած անհիմն պահանջները եւ զերծ մնալ թուային քարտէզներէն Արցախի հայկական տեղանունները հեռացնելէ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յատկապէս նշեց, որ Ատրպէյճանի այդ ջանքերը դրսեւորումն են Արցախի ժողովուրդը հայրենիքէն զրկելու, Արցախի հայկական ինքնութիւնը մերժելու ատրպէյճանական երկարամեայ քաղաքականութեան: Ան յիշեցուց, որ 2020 թուականի աշնան Արցախի ժողովուրդին վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը, որ ուղղուած էր Արցախի ամբողջ տարածքի բռնազաւթման ու անոր ժողովուրդի ոչնչացման, դարձած է ատրպէյճանական յանցաւոր քաղաքականութեան գագաթնակէտը:

Ստեփանեան շեշտեց, որ Արցախի նկատմամբ իր յաւակնութիւններուն կեղծ իրաւաչափութիւնը ապահովելու համար Ատրպէյճան իր վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքի իւրաքանչիւր սանթիմեթրէն միտումնաւոր կերպով կը ջնջէ, կ՛ոչնչացնէ եւ կը վերացնէ հայերու եւ հայկական մշակոյթի ու պատմութեան որեւէ հետք:

«Քարտէզներէն հայկական տեղանունները հանելու Ատրպէյճանի պահանջներուն իրական դրդապատճառները դիւրութեամբ կարելի է սահմանել. Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղը) պարզապէս տեղանուն չէ, այլ հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ամբողջութիւն: Արցախի հայկական տեղանունները տեղանքի յիշողութիւններ են, ինչպէս նաեւ կենդանի յիշողութիւններ այն մարդոց մասին, որոնք այդ անունները տուած են այդ վայրերուն: Տեղանունները կը ծառայեն իբրեւ շրջանային մշակոյթի խորհրդանիշներ եւ այդպիսով կ՛արտացոլեն տուեալ վայրի պատմութիւնն ու միջավայրը: Քարտէզներէն հայկական տեղանունները հանելու Ատրպէյճանի պահանջը ոչ այլ ինչ է, քան քարտէզներու վրայ իրեն համար ցանկալի իրականութիւն ստեղծելու փորձ` նպատակ ունենալով նպաստելու իր յանցաւոր քաղաքականութեան», նշեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:

Ստեփանեան նամակին մէջ ներկայացուց միջազգային իրաւունքի կարգաւորումները, որոնցմով ամրագրուած է ժողովուրդներուն` իրենց տեղանունները ազատօրէն կիրարկելու, պահպանելու եւ սերունդներուն ժառանգութիւն ձգելու իրաւունքը: Ան ընդգծեց, որ միջազգային իրաւունքը տեղանուններն ու աշխարհագրական անուանումները չի նկատեր պետութիւններու սեփականութիւն, այլ` ժողովուրդներու ոչ նիւթական ժառանգութիւն:

Գեղամ Ստեփանեան յայտնեց, որ հայկական տեղանուններու հեռացումը միայն պիտի խրախուսէ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու կոպիտ խախտումները եւ պիտի աջակցի ուժի անօրինական կիրարկման արդիւնքներու օրինականացման:

Բարձր գնահատելով ընկերութեան մարդակեդրոն մօտեցումը, որ կ՛արտայայտուի քարտէզներուն մէջ հայկական տեղանուններու կիրարկումով` Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը վստահութիւն կը յայտնէ, որ ընկերութիւնը պիտի մերժէ քարտէզները փոխելու եւ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտում կատարելու Ատրպէյճանի շարունակական փորձերը: